ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէտեա­րո­վը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս նա­խա­րա­րը այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց հե­տե­ւեա­լը. «Ե­կած է ղա­րա­բա­ղեան հակա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գծով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը աշ­խու­ժաց­նե­լու ժա­մա­նակը»։ Ռուս նա­խա­րա­րին հա­մոզ­մամբ, այս ուղ­ղու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նին անհ­րա­ժեշտ հիմ­քե­րը։ «Հա­շուի առ­նե­լով ար­դիւն­քի նկատ­մամբ ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ նպա­տա­կաուղ­ղուա­ծու­թիւ­նը, մենք կրնանք ա­պա­հո­վել այդ յա­ռա­ջըն­թա­ցը», ըսաւ Լաւ­րով։

Իր կար­գին, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ ընդգ­ծեց, որ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի կար­գա­ւոր­ման շուրջ ա­ւար­տած եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յոյս կը ներշն­չեն, որ կա­րե­լի է լու­ծել նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րը։ «Կար­գա­ւո­րու­մը կը դրուի շուտա­փոյթ ճեղք­ման ու­ղիի վրայ», ը­սաւ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը։

Հարկ է նշել, որ ռուս եւ ա­զէ­րի նա­խա­րարնե­րուն տե­սակ­ցու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ այն օ­րե­րուն, երբ Մոս­կուա­յի մէջ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ծա­ւա­լե­ցին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։ Սէր­կէյ Լաւ­րով Մոս­կուա­յի մէջ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վը հիւ­րըն­կա­լե­լու ա­ռըն­թեր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նախա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Բաց աս­տի, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք տե­ղե­կա­ցուց, թէ այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ կը մէկ­տե­ղուի Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։

«Ի­ԹԱՐ ԹԱՍՍ» գոր­ծա­կա­լու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Մոս­կուա­յի մէջ իր ա­զէ­րի պաշ­տօ­նա­կի­ցը հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ Սէր­կէյ Լաւ­րով ընդգ­ծած է այն հա­մո­զու­մը, թէ կրնան տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին յա­ռա­ջըն­թաց մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար հաս­նին ար­դիւնք­նե­րու։ Ռուս նա­խա­րա­րը ընդգ­ծած է, որ ի­րենք հա­մա­հունչ աշ­խա­տանք կը տա­նին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ա­մե­րի­կա­ցի եւ ֆրան­սա­ցի մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ մենք մշտա­կան կա­պի մէջ ենք։ Կը կար­ծեմ՝ ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւն մը կայ ու մենք կրնանք տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին այդ­պի­սի յա­ռա­ջըն­թաց մը ա­պա­հո­վել», ը­սաւ նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վ։

«Ին­թէր­ֆաքս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդում­նե­րով, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ Մոս­կուա­յի մէջ փա­փաք յայտ­նած է, որ Ռու­սաս­տան՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ որ­պէս Ատր­պէյճա­նին ու Հա­յաս­տա­նին ա­մե­նա­մօ­տիկ եր­կիր­նե­րէն մին, իր ջան­քե­րը կրկնա­պատ­կէ, ե­ռա­պատ­կէ, որ­պէս­զի շու­տա­փոյթ ար­դիւնք մը ա­պա­հո­վուի։

Հարկ է նշել, որ ըն­դա­մէ­նը շուրջ եր­կու ա­միս ա­ռաջ՝ Մա­յի­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Մա­մէտեա­րով Մոս­կուա­յի մէջ տե­սակ­ցած էր Լաւ­րո­վի հետ։ Այդ ժա­մա­նակ եր­կօ­րեայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն նիւ­թը ե­ղած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը։ Իսկ այս ան­գա­մուան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ նաեւ միջ­նորդ­նե­րու դէ­պի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան նոր ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ։ Մոս­կուա­յի շփում­նե­րէն մի­ջոց մը ա­ռաջ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով յայտ­նած էր, թէ որ­պէս փոխ­զի­ջում կրնան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը, միայն Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ։ Ի պա­տաս­խան, Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գահ Մով­սէս Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րած էր, թէ Մա­մէ­տեա­րո­վի ցան­կու­թիւ­նը ա­նընդու­նե­լի է ի­րենց հա­մար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015