Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՆԻՍԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան վերջերս այցելեցին Նիս։ Թեմի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեղւոյն Ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ մէկտեղուելու առընթեր, անոնք տեսակցեցան նաեւ Նիսի այժմ առգրաւուած Ս. Աստ-ւածածին եկեղեցւոյ կրօնական ընկերակցութեան՝ հաշտութեան յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Տեսակցութեան նպատակը եղած է քննարկել առկայ ճգնաժամէն դուրս գալու հնարաւորութիւնները։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ սոյն քննարկումներուն հիման վրայ որոշուած է շարունակել հանդիպումները։
Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015