ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՄԷՋ
ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար եւ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու տօնական արձակուրդի օրերէն վերջ վերստին կը ձեռնարկէ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ջանքերուն։ Միջկուսակցական շփումներու առաջին փուլէն վերջ, ԱՔ կուսակցութիւնը արդէն ՀՏՓ-ի հետ նոր հանդիպում մը չէ նախատեսած։ Հիմնական շփումները այս պահու դրութեամբ նախատեսուած են ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ։ Առաջին փուլի աւարտին Տավուտօղլու արդէն անթաքոյց յայտարարած էր, որ ՃՀՓ-ի հետ աշխատանքը պիտի շարունակուի։ Այժմ այդ հիման վրայ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ աշխատանքը պիտի շարունակուի, աւելի մանրամասն քննարկումներ պիտի ծաւալուին եւ արդիւնքին յայտնի պիտի դառնայ, որ հնարաւո՞ր է համագործակցութեան մը երթալ կամ ոչ։
Միւս կողմէ, համախոհական իշխանութիւն մը ստեղծելու այս որոնումներուն զուգահեռ՝ Ահմէտ Տավուտօղլու միեւնոյն ժամանակ իր կուսակցութեան շրջանակները կը ջանայ կեդրոնացած պահել՝ հաւանական կանխահաս ընտրութեան մը հեռանկարի պարագային։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տօնական օրերուն Տավուտօղլու մի առ մի հեռաձայնային կապ պահեց իր կուսակցութեան բոլոր քաղաքներու մասնաճիւղերու ղեկավարներուն հետ, որոնց հրահանգեց ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլալ ընտրութեան։ Այդ զրոյցներուն ընթացքին Տավուտօղլու շեշտեց, թէ իրենք համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ բանակցութիւնները յառաջ կը տանին ու պիտի շարունակեն տանիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը։ Բայց եւ այնպէս, ան կուսակցութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներուն յանձնարարեց միշտ պատրաստ ըլլալ՝ ամէն վայրկեան ընտրութեան մը ձեռնարկելիք ձեւով։ Տավուտօղլու ըսաւ, թէ տօնական արձակուրդի յաջորդելիք օրերուն բացարձակապէս պէտք չէ ընդհատուին մասնաճիւղերու աշխատանքները։