ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՏԵՂԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծագած խնդրայարոյց եւ մտահոգիչ վերջին դէպքերուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս նիւթին շուրջ երէկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ի նպաստ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՀՅԴ-ի Հայաստանի գերագոյն մարմինը իր անհանգստութիւնը եւ մտահոգութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջի պատրուակով հանդէս եկող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամներու գործողութիւններու, անվայել պահուածքի կապակցութեամբ։ ՀՅԴ-ի Հայաստանի գերագոյն մարմնի յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը.

«Եկեղեցւոյ «բարենորոգման» կարգախօսներով հանդէս եկող խումբի սադրիչ եւ սանձարձակութեան հասնող պահուածքն ու գործողութիւնները, ըստ էութեան, վերածուած է ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետի, այլեւ եկեղեցական կառոյցի նկատմամբ բացայայտ ոտնձգութեան, ինչ որ ուղղակիօրէն կը հարոուածէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան համակարգը։

«Սահմանադրութեամբ ճանչցուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ որպէս ազգային եկեղեցի բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ՝ հետեւաբար պետութիւնը պարտաւոր է քայլերու ձեռնարկել եկեղեցական կառոյցը թիրախաւորող, բռնութեան դրսեւորման միտումներ ունեցող գործողութիւնները կանխելու ուղղութեամբ։ Քննադատելու, բողոքելու իրաւունքի իրացումը կարեւոր է, սակայն կարելի չէ ժողովրդավարութիւնը շփոթել ամենաթողութեան հետ՝ խտրականութիւն չդնելով պայքարի միջոցներու եւ եղանակներու միջեւ։

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ կոչ կ՚ուղղէ պետական մարմիններուն օրէնքի շրջանակներէ ներս կանխել մեր հոգեւոր եւ ազգային միասնութեան դէմ ուղղուած, իրենց բնոյթով աղանդաւորական եւ կասկածելի ծագումնաբանութեամբ խմբակներու սարդիչ գործողութիւնները»։

Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ հայկական աւանդական կուսակցութիւններէն միակն է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ներկայացուած է։ Կուսակցութիւնը այս փուլին դիպուկ արտայայտութիւններով, շատ տեղին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է, ինչ որ ուղիղ համեմատութեան մէջ կը համարուի ՀՅԴ-ի պատմական փորձառութեան հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018