ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Նիւ Եորք, ուր ընդունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին փոփոխութիւնները։ Մնացականեան նշեց, որ Երեւան մեծապէս կը կարեւորէ ՄԱԿ-ի շրջանակներէ ներս ծաւալուող բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատեց նոր կառավարութեան շահագրգռութիւնը՝ ա՛լ աւելի հարստացնելու համար համատեղ օրակարգը։

Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմի համար բանակցային գործընթացի առաջնահերթութիւններն են Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը։ Բանակցային գործընթացի յառաջ մղման տեսակէտէ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը, զինադադարի անշեղ պահպանումն ու խիստ հռետորաբանութենէ հրաժարումը։

Մնացականեան եւ Կութերէս հանգամանօրէն քննարկեցին ՄԱԿ-ի շրջանակներէ ներս Հայաստանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձան անոնց առաւել խորացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ իրականացուող համատեղ քայլերուն։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի մէջ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։

Նիւ Եորքի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ռոզմարի Տիքարլոյի հետ։ Այս վերջինը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալն է։ Այս առթիւ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առընչութեամբ հայկական կողմի մօտեցումներն ու առաջնահերթութիւնները։ Ան միեւնոյն ժամանակ ներկայացուց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ վերջերս Պրիւքսելի մէջ ունեցած ճանաչողական բնոյթով հանդիպման արդիւնքները։

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018