ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը պատրաստուի այցելել Ատրպէյճան։ Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ շփումներ պիտի ունենայ 24 յուլիսին։ Կեցութեան շրջանին ան պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հիւրը։ Կը նախատեսուի, որ նախարար Չավուշօղլու հիւրընկալուի Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ՝ ներառեալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներ եւ ընդհանուր արժեւորումի պիտի ենթարկուի տարածքաշրջանի կացութիւնը։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ներկայիս հետզհետէ թափ կու տան ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութեան եւ համապատասխան ենթակառուցուածքներու շինարարութեան աշխատանքներուն։

Հարկ է նշել, որ վերջին ընտրութիւններուն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման յաջորդած օրերուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը իրականացուցած էր դէպի Ատրպէյճան։

Ուրբաթ, Յուլիս 20, 2018