«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է շահեկան գիրք մը, որ պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է։ «Պաքուի կոմունը 1917-1918. ազգն ու դասակարգը ռուսական յեղափոխութեան շրջանին» կը կոչուի այս գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի պատմաբան Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի։ 1972 թուականին հեղինակին այս գործը հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1990 թուականին Սիւնիի գործի թրքերէն առաջին թարգմանութիւնը կատարուած է Քուտրէթ Էմինօղլուի կողմէ։ Այդ թարգմանութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Պելկէ» հրատարակչութիւնը։ Ներկայիս «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած նոր թարգմանութիւնն ալ կատարուած է դարձեալ Քուտրէթ Էմինօղլուի կողմէ։ Այսպէս, նախապէս կատարուած թարգմանութիւնը հիմնական վերախմբագրման աշխատանքի մը ենթարկուած է։ Յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Մասիս Քիւրքճիւկիլն ալ գրի առած է յառաջաբան մը։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Լոռա Սարը եւ Օնուր Քոչեիղիտ։ Կողքի գեղարուեստական դասաւորումը կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Այս գիրքը կը վերաբերի այնպիսի իրադարձութիւններու, որոնց վրայէն թէեւ անցած է շուրջ դար մը, սակայն յետադարձ ակնարկը լաւ հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ՝ դիտարկելու համար Հարաւային Կովկասի եւ Կասպից աւազանի ընդհանուր իրադրութիւնը եւ այդ դիտարկումները աւելի կը բիւրեղացնեն այժմու կացութիւնը եւ ինչու չէ, կրնան նաեւ օգտակար ըլլալ խաղաղ ապագայի մը որոնումներուն տեսակէտէ։

Ապահովաբար, այս գործը կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019