«ՋԱՋՈՒՌԵԱՆ ԿՏԱՒՆԵՐ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց գեղանկարիչ Նարեկ Աւետիսեանի ցուցահանդէսը, որ անուանուած է «Ջաջուռեան կտաւներ»։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան ծանօթացաւ ներկայացուած ստեղծագործական աշխատանքներուն։ Ան գեղանկարչին հետ խօսեցաւ նաեւ իր հօր՝ մեծանուն նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի ստեղծագործական գործունէութեան եւ հայկական գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ անոր թողած անջնջելի հետքին շուրջ։

Նարեկ Աւետիսեան պատմեց, որ ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ ցուցադրուած կտաւներու ստեղծման ուղղութեամբ մեծ եղած է Արմէն Սարգսեանի ազդեցութիւնը։ Ան նախորդ տարի իր հօր՝ Մինաս Աւետիսեանի ծննդեան օրը այցելած էր անոր արուեստանոցը։ «Այդ ժամանակ ես այս շարքէն ընդամէնը չորս կտաւ նկարած էի։ Նախագահը ոգեւորեց զիս։ Այցելութիւնը պարտաւորեցնող էր, ուստի տարուան մը ընթացքին աւելի վստահ աշխատեցայ», պատմեց Նարեկ Աւետիսեան։

Ցուցադրասրահին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Նարեկ Աւետիսեան խօսեցան նաեւ գեղանկարչի յառաջիկայ ծրագրերուն եւ նախատեսած գործերուն շուրջ։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019