ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Ռուսաստան։ Ան հնգօրեայ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է եւ այս ընթացքին բազմաբնոյթ հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքէ ազդեցիկ գործիչներու եւ կարեւոր կազմակերպութիւններու հետ։ Հարկ է նշել, որ սա Զարեհ Սինանեանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուայի մէջ Զարեհ Սինանեան հիւրընկալուեցաւ Արա Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած Ռուսաստանի Հայոց միութեան կեդրոնէն ներս։ Մոսկուայի հայկական դեսպանութեան երդիքին տակ ալ ան հանդիպում մը ունեցաւ ռուսահայ ազգայիններու հետ։

Այս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ սփիւռքը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, իսկ Ռուսաստանի հայ համայնքը կ՚առանձնանայ իր իւրայատուկ եւ բազմաբովանդակ պատմութեամբ։ Սինանեանի խօսքով՝ պետութիւն-սփիւռք յարաբերութիւնները արդէն ունին գործընկերային բնոյթ եւ սփիւռքը իրաւահաւասար պէտք է տէր զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Տիրոջ աչքով պէտք է նայի երկրին։ Ան շարունակեց. «Սա աշխատատար գործընթաց մըն է, մեծ ջանքեր կը պահանջէ, մենք նախ եւ առաջ լաւ պիտի ճանչնանք սփիւռքը։ Ան բազմազան է ու բարդ։ Մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ յամառ եւ տքնաջան, որպէսզի հիասթափութիւններ չըլլան։ Ես չեմ պատկերացներ, որ առանց միացեալ ջանքերու որեւէ տեղ կը հասնինք։ Միակ բանը, որ բոլորս կրնայ միաւորել, պետականութեան գաղափարն է»։

Մոսկուայի հանդիպումներուն ժամանակ Զարեհ Սինանեան ընդգծեց նաեւ, որ զանազան հաւաքոյթներ պիտի կազմակերպուին՝ ստեղծելու համար հարթակներ, պիտի կազմաւորուին խորհուրդներ, որոնք պիտի ըլլան թէ՛ համահայկական եւ թէ առանձին մասնագիտական ոլորտներու համար։ Յանձնակատարը կարեւորեց մասնագիտական հայրենադարձութիւնը, սփիւռքի մարդուժի ներգրաւումը Հայաստանի կեանքին։ Միեւնոյն ժամանակ ան նշեց, որ Հայաստանն ալ պիտի իրականացնէ սփիւռքի որոշ մասնագէտներու վերապատրաստումը իր հերթին։

Զարեհ Սինանեան դիտել տուաւ, որ իր գլխաւորուած գրասենեակը համակարգման գործառոյթ մը ունի ու պէտք է համակարգէ նաեւ սփիւռքի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագրերը՝ խուսափելու համար պաշարներու վատնումէն կամ կրկնութենէն։ «Սփիւռքը հզօր է եւ մենք պէտք է այդ հզօրութիւնը օգտագործենք թէ՛ ի շահ Հայաստանի եւ թէ ի շահ սփիւռքի», ընդգծեց Զարեհ Սինանեան։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019