ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին շարունակեց ընդհանուր առմամբ տիրել յարաբերական անդորրը։ Նախորդ շաբաթավերջի բախումներէն ի վեր լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ ուշադրութեան առանցքին կը գտնուին սահմանի իրադարձութիւնները։ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն կողմէ խիստ յայտարարութիւններով զուգորդուած բախումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած են միջազգային հանրութեան մօտ, որու արձագանգները կը շարունակուին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն կանոնաւոր պարբերականութեամբ յայտարարութիւններ կ՚ընեն սահմանի իրավիճակին շուրջ։ Ըստ այս առաւօտ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը խախտած են միայն աննպատակ կրակոցներով։ Հայկական զօրքերը ոմանց պարագային նոյնիսկ չեն փոխադարձած։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց այն զինուորներուն, որոնք սահմանի վերջին բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած եւ հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ առնուած են։ Այցելութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան երախտագիտական զգացումներով եւ խոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ զինուորներու սխրանքին մասին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս շաբաթավերջին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի վերնախաւին հետ։ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցեցան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած այս խորհրդակցութեան։ Նիկոլ Փաշինեան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ հրադադարի դրութեան համար վերահսկելի դիտարկման միջազգային համակարգ մը պէտք է ստեղծուի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020