924 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ պարագային նոր վարակեալներու թիւը օրերէ ի վեր կ՚ընթանայ հազարի շեմէն վար։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 41 հազար 310 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 924 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 16 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 997։ Այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1246 հոգի, արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն է 398։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց, որ ամէն օր շուրջ հազար հոգի կը բուժուի եւ շուրջ հազար հոգի կը վարակուի։ Եթէ նոր պարագաները կանխել հնարաւոր ըլլայ, ապա թափով վարակեալները պիտի նուազին։ Այժմ նպատակն է առողջացածներու թիւը բարձրացնել եւ նոր պարագաներու թիւը նուազեցնել։ Նախարարը ընդգծեց, որ լաւ լուրերը կախում ունին նախազգուշական միջոցներէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020