«ՃԱՆԱՉԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԴ-2016». ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ
Վրաստանի հայ համայնքի «Ճանաչի՛ր հայրենիքդ-2016» ամառնային չորրորդ ճամբարը՝ տասն օրուան ընթացքին՝ հնարաւորութիւն տուած է տեղւոյն համայնքի անդամներուն այցելելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն պատմամշակութային եւ բնութեան յուշարձանները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, շփուելով Լեռնային Ղարաբաղի ամենօրեայ կեանքին հետ` անոնք կրցած են ճանչնալ հայրենիքը: Տասը յագեցած օրերը թոյլ տուած են Վրաստանի հայ համայնքի ամառնային չորրորդ ճամբարի մասնակիցներուն՝ իրենց աչքերով տեսնել այնպիսի տեսարժան վայրեր, ինչպէս՝ Նորավանքը, Տաթեւի վանքը, Գանձասարը, Դադիվանքը, Ամարասը, Շուշիի բերդ-ամրոցը, Հադրութը, Տիգրանակերտը, Ստեփանակերտը, Քարահունջը…
««Ճանաչի՛ր հայրենիքդ-2016» ճամբարի շրջանակներէն ներս Վրաստանի հայ համայնքի անդամները անմոռանալի ժամանակ անցուցին Ջերմաջուրի, Սեւանայ լիճի, Ունոտ գետային կիրճի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճամբարի իրականացման հիմնական նպատակը, ի հարկէ, Վրաստանի հայ համայնքի անդամներուն պատմական հայրենիքի հետ ծանօթացնելն էր: Չորրորդ ամառնային ճամբարի մասնակիցներու մեծամասնութիւնը առաջին անգամ եղան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամառնային ճամբարին տեղի ունենալը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ Արցախի բնակիչներու դէմ ատրպէյճանական յարձակումներու արդիւնքին այս տարուան Ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հաշուառմամբ», նշած են ծրագրի կազմակերպիչները:
«Իմ ծանօթներէն շատեր կը փորձէին տարհամոզել զիս մասնակցիլ ամառնային ճամբարին: Կ՚ըսէին, որ Արցախի մէջ պատերազմ կայ, այնտեղը վտանգաւոր է: Ամենահետաքրքրականը այն է, որ, այդ մէկը կ՚ըսէին այնպիսի մարդիկ, որոնք երբեք չեն եղած Արցախի մէջ, որոնք նորութիւններու մեծ մասը կ՚իմանան հեռուստացոյցէն: Երբ ես առաջին անգամ տեսայ Շուշին եւ քաղաքի դարպասներու վրայ գրուած հայկական տառերը, զիս համակեց ազգային հպարտութեան զգացումը: Տասն օրը շատ արագ անցաւ… Ոչ ոք կ՚ուզէր վերադառնալ: Արցախը դրախտ է: Այտեղ ամէն ինչ իւրայատուկ է` բնութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ, ի հարկէ, մարդիկ: Այդ մարդիկ իրենց ձեռքերով կը պաշտպանէին այդ հողը: Մեր պարտքն է երթալ, խոնարհիլ անոնց առջեւ, շնորհակալութիւն յայտնել անոնց եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Արցախի հողի վրայ խաղաղութիւն տիրէ: Արցախի մէջ խաղաղութիւն կրնայ տիրել միայն այն ժամանակ, երբ Շուշիի բերդի պարիսպները կը զարդարեն հայկական տառերը, իսկ հայորդիները` Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կը կանգնին հայկական պետութեան սահմաններէն: Ես անպայման կը վերադառնամ Լեռնային Ղարաբաղ եւ հետս կը բերեմ իմ ընկերներն ու հարազատները: Բոլորը պէտք է իմանան, որ Արցախի մէջ ոչ միայն անվտանգ է հանգստանալը, այլեւ ան հիանալի ապրելու վայր է…», ըսած է «Ճանաչի՛ր հայրենիքդ-2016» ամառնային ճամբարի մասնակից 16-ամեայ Մարիա:
Վրաստանի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են «Ճանաչի՛ր հայրենիքդ-2016» ծրագրի իրականացման հարցով: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի վարչութեան։