ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ՋՐԱՄԲԱՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԵՆ ՔՈՒՌ ԳԵՏԻՆ ՎՐԱՅ
Թուրքիա եւ Վրաստան համաձայնեցան Քուռ գետի վրայ ջրաելեկտրակայան մը կառուցելու ուղղութեամբ։ Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի Անգարա կատարած վերջին այցելութենէն վերադարձին տեղեկացուց՝ որ շինարարութեան վայրը պիտի ընտրուի յառաջիկայ բանակցութիւններու արդիւնքին։ Ան ընդգծեց, որ ելեկտրակայանի շինարարութեան վայրը պիտի ըլլայ բնապահպանութեան տեսանկիւնէն անվնաս։
Անգարայի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները վերջերս համաձայնութեան հասան՝ բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդ մը ստեղծելու շուրջ։ Նոյն ծիրին մէջ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը նախատեսեն խորացնել համագործակցութիւնը ներդրումներու փոխադարձ խրախուսման եւ անոնց պաշտպանութեան ուղղութեամբ։