ԾԱՒԱԼՄԱՆ ԹԱՓԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ցուցանիշները հետզհետէ կը դառնան մտահոգիչ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ միջոցէ մը ի վեր նոր վարակումներու թիւերը վերելք կ՚ապրին եւ վերջին մէկուկէս ամսուան ամենաբարձր հիւանդի թիւը արձանագրուած է։ 

Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը, որու աւարտին սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ֆահրետտին Քոճա այս առթիւ շեշտեց, որ հիւանդներու թիւի իւրաքանչիւր բարձրացումը կը պարփակէ նախազգուշական պատգամ մը։ Այդ յաւելումները պէտք չէ ջլատման պատճառ դառնան։ Թուրքիա համաճարակի դէմ պայքարի մէջ ձախողած չէ։ Պատմութեան ընթացքին չէ եղած համաճարակ մը, որու ընթացքը ուղիղ գիծի մը նմանած է։ Դէպքերու նուազումը երաշխիք մը չէ եղած անոնց չբարձրանալուն համար։ Կարեւորը պայքարի մէջ կայունութիւնն է։

Մամլոյ ասուլիսին զուգահեռ՝ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 87 հազար 223 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1303 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 23 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1002։ Ներկայ դրութեամբ 719 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ շուտով օրական 100 հազար քննութիւն պիտի կատարուի երկրին մէջ։ Ըստ իրեն, հիւանդանոցներու մէջ մատուցուած ծառայութիւններու պարագային որեւէ խնդիր չ՚ապրուիր։

Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն նոր կարգադրութիւններ պիտի կատարուին այն հիւանդներուն համար, որոնք կը բուժուին իրենց բնակարաններուն մէջ։ «Հեռաբժշկութիւն» կոչուած դրութիւնով մը յառաջ պիտի տարուին այս աշխատանքները։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020