Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
«ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ»ԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, թէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը շարունակուին իրաւական ինքնապաշտպանութեան շրջագծին մէջ եւ Թուրքիա աչք չէ դրած որեւէ այլ երկրի հողերուն։
Զօրավար Աքար համոզուած է, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ սահմաններուն, հարեւան երկրի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ մեր ազգի անվտանգութեան ու անդորրութեան տեսակէտէ։ Թուրք զինեալ ուժերուն միակ նպատակն է երաշխաւորել անվտանգութիւնը։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016