ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳՐՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենայ գրքի փառատօն։ Այսպէս, Երեւանի Կենդանաբանական պարտէզը տարիներէ ի վեր կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգմամբ, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագրերու, որոնք պարբերաբար կ՚իրականացուին բազմաբնոյթ միջոցառումներու, էքօ-ակումբներու, յատկանշական օրերու եւ զանազան նախաձեռնութիւններու տեսքով: Նորովի լուծումներով եւ նորովի մօտեցումներով Այգին կը փորձէ առաւել հետաքրքրական եւ բովանդակալից դարձնել այցելութիւնները լայն հասարակութեան համար:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս անգամ ալ Երեւանի Կենդանաբանական այգին ձեռնամուխ եղած է նոր միջոցառումի մը՝ «Գրքի փառատօնի» կազմակերպմամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին ընդառաջ: Սեպտեմբերի 20-23-ը Հայաստանի մէջ գործող հրատարակչութիւնները կը ներկայացնեն իրենց եւ արտերկրի գործընկերներու հրատարակած գիրքերը, իսկ այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան բազմաթիւ հրատարակիչներու առաջարկին ծանօթանալ մէկ վայրի մէջ, կատարել ընտրութիւն եւ գնումներ: Միջոցառումներ կը սկսին այսօր՝ սեպտեմբերի 20-ին:

«Ամէն պարագայի չմոռնաք ձեր հետ բերել նաեւ այն գիրքերը, որոնք արդէն ընթերցած էք եւ կը կարծէք, որ պատրաստ էք զանոնք տրամադրել ուրիշներու: Այգին նախաձեռնած է նաեւ գրքահաւաք՝ սահմանամերձ բնակավայրերու գրադարաններ, դպրոցներ, ինչպէս նաև զօրամասեր ուղարկելու համար», ըսուած է Կենդանաբանական այգիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018