ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սոչիի մէջ Իտլիպի հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը քայլ մըն է դէպի խաղաղութիւն։ «Ըսինք, որ Իտլիպի մէջ այլեւս արիւն թող չհոսի եւ արցունքները դադրին։ 12 յօդուածներ սահմանեցինք, ստորագրութիւնները դրուեցան։ Ահա, սա դէպի խաղաղութիւն քայլ մըն է մեր սահմաններուն շուրջ։ Կը մաղթենք, որ շարունակութիւն ունենայ», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Միւս կողմէ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միա-ցեալ Նահանգներ կը շարունակէ զինել ԵՓԿ-ն, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղն է։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ կասեցուած է Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբին կողմէ Իտլիպի վրայ նախատեսուած լայնածաւալ յարձակումը։ Այս մթնոլորտին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերն ալ, որոնց առանցքը կը կազմէ ԵՓԿ-ն, թափ կու տայ գործողութիւններուն՝ Հեճճին քաղաքին վրայ։ Այս վերջինը Սուրիայէ ներս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ձեռքը մնացած կարեւոր նշանակութեամբ վերջին քաղաքը կը համարուի։ Կը հաղորդուի, որ ամերիկեան կողմն ալ 250 բեռնատարով նոր զէնք ու զինամթերք մատակարարած է ԵՓԿ-ին։ Համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու աղբիւրներուն կողմէ։ Անոնց շարքին կը գտնուին նաեւ ծանր զէնքեր։

Միւս կողմէ, Փենթակոնն ալ արձագանգեց Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Իտլիպի հարցին շուրջ գոյացած համաձայնութեան։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս յայտնեց, որ վերապահ է այդ առումով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018