ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԶՈՀ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ զինուոր մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը շուրջ 13.30-ին երկրի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան տարածքէն ներս, պայմանագրային ժամկէտային զինուորական ծառայող Հայկազ Մատթէոսեան (1980) դարձած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակի թիրախը։ Պարանոցի շրջանէն վիրաւորուած զինուորը հիւանդանոց տեղափոխուելու ժամանակ մահացած է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առթիւ խորին ցաւակցութիւն յայտնած է նահատակեալ զինուորի ընտանեկան անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018