Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ԷԼՄԱՐ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով սեպտեմբերի 23-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ էր այս հանդիպումը, որու սպասման մթնոլորտին մէջ չէր հրապարակուած թուականը։ Այժմ արդէն յայտնի դարձած է, որ յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի տեսակցին Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի ուղեւորուի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019