ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՕՏԵԱՆԸ

Հայ գրականութեան հսկաներէն, հայկական երգիծաբանութեան մեծանուն դէմքերէն Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ յոբելենական ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ։ Այս յոբելենական ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ երէկ՝ 19 սեպտեմբերին՝ Երուանդ Օտեանի ծննդեան օրը։ Իր հեղինակած բազում գիրքերը ներկայացուած էին ցուցադրութեան։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ ելոյթներով հանդէս եկան Երեւանի Պետական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի տոցենդ մասնագէտներէն բանասէր Սերժ Սրապիոնեան եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի սպասարկման բաժնի գիտական ու մամուլի ընթերցասրահի ենթաբաժնի վարիչ Արեւիկ Զախարեան։

Հարկ է նշել, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 սեպտեմբեր։ Այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու Երուանդ Օտեանի գրչին պատկանող բացառիկ եւ հետաքրքրական նմոյշներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը պահուին Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։

Հարկ է յիշեցնել, որ Երուանդ Օտեան թերթիս հինադրութեան շրջանէն իսկ սկսեալ եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019