Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՊԱՆԻԱ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սպանիա։ 14-17 սեպտեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ սպանահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։ Թեմական խորհուրդի անդամներ եւ շարք մը բարերարներ ալ իր կողքին էին այս շփումներուն ժամանակ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Պարսելոնա քաղաքը։ Տեղւոյն հայութեան կողմէ նորին սրբազնութեան այցելութիւնը նշանաւորուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւնով մը։ Այսպէս, Խաչվերացի տօնին առթիւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Տեղւոյն Կաթոլիկ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի արարողութիւն, որու աւարտին Պարսելոնայի մէջ բնակութիւն հաստատած Մայիլեան ընտանիքին կողմէ երկու սրբանկարներ նուիրուեցան այդ եկեղեցիին՝ ի նշան հայ եւ սպանացի եկեղեցիներու բարեկամութեան։ Ի դէպ, շատ յատկանշական էին նաեւ սրբանկարներու պարագային ընտրուած սուրբերը։ Անոնցմէ մին էր հայոց հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ իր աղօթքներով անգերազանցելի մնաց համաշխարհային եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

«Շատ խորհրդանշական է, որ այս երկու սուրբերուն ալ արձանները կանգնեցուած են նաեւ Վատիկանի մէջ, որ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ սիրտն է», դիտել տուաւ իր քարոզին մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Մայիլեան ընտանիքի փափաքով՝ այդ սրբապատկերները օծուեցան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ, ըստ հայկական եկեղեցական կանոններու եւ աւանդութեան։ Պարսելոնայի մէջ բնակութիւն հաստատած հայերը այս կապակցութեամբ երախտագիտական զգացումներով շրջապատեցին Մայիլեան ընտանիքը՝ մասնաւորապէս Արման Մայիլեանը, որ այս նախաձեռնութիւնով օտար միջավայրի մէջ ի ցոյց դրաւ հայ մարդու հոգեւոր կերպարի բարձրագոյն դրսեւորումը։

Պարսելոնայէ վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ուղղուեցաւ մայրաքաղաք Մատրիտ։ Նորին սրբազնութիւնը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հիւրընկալուեցաւ Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանի կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ Եկեղեցական-համայնքային խորհուրդին հետ՝ քննարկելով յառաջիկայ ծրագրերն ու աշխատանքները։ Մատրիտի մէջ եւս Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Խաչի տօնին առթիւ։ Իր քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մատրիտի Եկեղեցական-համայնքային խորհուրդի անդամներուն կողմէ ի գործ դրուած աշխատանքին մասին։ Ան նոյնպէս բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց նորաստեղծ «Վերածնունդ» երգչախումբի բոլոր անդամները։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հայրաբար գնահատեց նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեանի հովուական ծառայութիւնը։

Դէպի Սպանիա իր ուղեւորութեան ծիրէն ներս Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ս. Էճիտիօ միջազգային կաթոլիկ միաբանութեան կողմէ Մատրիտի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային խորհրդաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019