«ԿԷՕԹԷ» ԿԱՃԱՌԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

24 սեպտեմբեր-3 հոկտեմբեր թուականներուն Իսթանպուլի մէջ կեանքի պիտի կոչուի գերմանական ժապաւէններու ցուցադրութեան ծրագիր մը։ «Կէօթէ» կաճառի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է «Քինօ 2021. Գերմանական ժապաւէնները Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ նախագիծը, որու ծիրէն ներս 11 ժապաւէնի ցուցադրութիւն պիտի կատարուի։ Գեղարուեստասէրները հնարաւորութիւն պիտի ունենան թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ առցանց ցուցադրութիւններէ օգտուելու։ Այս ծրագրին իրենց նպաստը բերած են «Ernst Reuter İnisiyatifi» նախաձեռնութիւնը եւ «German Films»ը։ «Կէօթէ» կաճառը շարժանկարի սիրահարներուն այս եզակի հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ՝ իր հիմնադրութեան 60-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Սեպտեմբերի 23-ին «Պէյօղլու» շարժանկարի դահլիճին մէջ նախատեսուած է բացման մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուի «Ի՞նչ կը տեսնենք, երբ երկինք նայինք» գործը, որու հեղինակն է Ալեքսանտր Քոպերիծէ։ Հարկ է նշել, որ այս ժապաւէնը FIPRESCI մրցանակի արժանի դասուած է «Berlinale»ի մէջ։ Այս ժապաւէնը վրացերէն է եւ քաղաքիս մէջ պիտի ներկայացուի անգլերէն ու թրքերէն ենթագրերով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021