ԷՐՏՈՂԱՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ ՍՏԱՑԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախագահ Էրտողան երէկ Նիւ Եորք մեկնեցաւ՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։ Ընդհանուր ժողովէն ներս նախատեսուած ելոյթին առընթեր, ծրագրուած են իր բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումները։ Էրտողան բազմակողմանի յայտագրի մը պիտի հետեւի Նիւ Եորքի մէջ, ուր մեկնելէ առաջ երէկ օդակայանէն ներս յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։

Մամլոյ ասուլիսին ժամանակ իրեն յիշեցուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ միջանցքի մը բացման ծրագրին վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ այդպիսի բանի մը թոյլ պիտի չտրուի։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան ըսաւ հետեւեալը.

«Այդ նրբանցքի բացուելու կամ չբացուելու խնդիրը քաղաքական բնոյթ ունի։ Մէկ կողմէ այս բանը ըսելն ու միւս կողմէ ինծի հետ հանդիպում փափաքիլը անպայման մտածելու տեղի կու տայ։ Եթէ ինծի հետ տեսակցիլ կը փափաքի, ահա այստեղ այլեւս պէտք է առնուին կարգ մը քայլեր։ Մենք փակ չենք տեսակցութիւններու, տեսակցութիւններ կ՚իրականացնենք։ Վրաստանի վարչապետին միջոցաւ ալ ինծի փոխանցած է տեսակցելու ցանկութիւնը եւ այդ մէկը հասած է ինծի։ Սակայն, ինչպէս ըսի, երբ մենք այս տեսակցութիւնները կ՚ընենք, այստեղ անոնք դրական վերաբերմունք ցուցաբերելով այս քայլերը պէտք է առնեն։ Այս նիւթերուն շուրջ Վրաստանի վարչապետի այս երկխօսութեան պահանջը ինծի հասցնելը եւ այստեղ նոր գործընթացի մը սկիզբ տալու համար նման քայլի մը առնուիլը, եթէ այս նիւթին շուրջ իսկապէս անկեղծ է, ես ալ մեր անկեղծութիւնը ցոյց կու տամ եւ դիւանագիտութեան սկիզբ կու տանք այնտեղ։ Անշուշտ, երբ դիւանագիտութիւնը սկսի, այստեղ պէտք է կարգ մը բաներ առնուին ու տրուին։ Կը մաղթեմ, որ այստեղ տիրապետեն ո՛չ թէ ժխտական, այլ՝ դրական մօտեցումները։ Առաջ Աստուած այսպէսով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ նեղութիւնը այս միջանցքի բացումով կը յաղթահարուի»։

Նախագահ Էրտողանի այս յայտարարութիւններու լոյսին տակ օրակարգի վրայ կու գայ այն հաւանականութիւնը, թէ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ իր եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ տակաւին ոչինչ յայտարարած են։ Մօտաւոր անցեալին Պալքաններէ վերադառնալու ժամանակ նախագահ Էրտողան վերստին խօսած էր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարին մասին։ Հայկական կողմը այդ ժամանակ պաշտօնապէս արձագանգած էր։ Էրտողանի այս անգամուան յայտարարութիւնը շատ աւելի յստակ եւ հայկական կողմին տեսակէտէ շատ նուրբ հարցի մը կը վերաբերի։ Ուստի, հետաքրքրութեամբ կը սպասուի, թէ հայկական կողմէն արձագանգ մը պիտի ըլլա՞յ կամ ոչ։ Թէեւ Երեւանէն առայժմ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուած է, սակայն, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ օրերուն ուղեւորուի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։ Արցախի երկրորդ պատերազմի ծանր հետեւանքները յաղթահարելու ուղղեալ ջանքերու մթնոլորտին մէջ, Փաշինեան դժուար թէ բաց թողու միջազգային այս բարձրագոյն դիւանագիտական հարթակին վրայ հանդէս գալու հնարաւորութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021