ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՀԱՅԱԹԱՓՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի վերջնական հայաթափման առաջին տարելիցին առթիւ։ «Տարի մը առաջ, սեպտեմբերի 19-ին, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնիկ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 115 հազար հայ, քանի մը օրուան ընթացքին ստիպուած եղաւ լքել սեփական բնակավայրը։ Այս տեղահանութիւնը, որ էթնիք զտման քաղաքականութեան վերջին փուլն էր, տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ընթացքին, երբ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը հերթական անգամ կը քննարկէր հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, կայունութեան հաստատման ու զարգացման հրամայականը՝ դատապարտելով ուժի կիրառման, միջազգային չափանիշներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու դրսեւորումները աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը՝ ներառեալ միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ, ձեռնարկեց անհրաժեշտ բոլոր քայլերը՝ հասցէագրելու համար Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու առաջնային եւ միջնաժամկէտ կարիքները, ինչպէս նաեւ մշակելու երկարաժամկէտ հեռանկարով անհրաժեշտ ծրագիրներ։
«Յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ կրկին պիտի սկսին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի բարձրաստիճան քննարկումները՝ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւնները ի ցոյց կը դնեն միջազգային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ անյետաձգելի ջանքերու, խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւն ընծայելիք գաղափարներու, քայլերու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը», ընդգծուած է Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։
Հայկական կողմը այս փուլին կը շեշտէ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ապահովման հարցին մէջ իր դիրքորոշումը յստակ է. խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու շուտափոյթ հաստատում՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի, տարածաշրջանէն ներս կայուն զարգացման, արդիւնաւէտ փոխկապակցուածութեան, բարեկեցութեան ապահովման տեսլականին վրայ։
«Այս ուղղութեամբ ներկայ պահու հնարաւորութիւնները բաց չթողելու եւ սերունդներու համար առաւել կայուն եւ արժանապատիւ կեանքի համար նպաստաւոր միջավայր ձեւաւորելու նպատակով այս հարցին մէջ շահագրգիռ միւս դերակատարներէն կ՚ակնկալենք անհրաժեշտ քաղաքական կամքի եւ խաղաղութեան օրակարգին յանձնառութեան յստակ դրսեւորում», եզրափակուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը։