ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսաւ Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ կազ­մա­կեր­պուած է Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Հնգօ­րեայ ծրագ­րով մը կեան­քի պի­տի կո­չուի այս հա­ւա­քին շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տան­քը։ Քննար­կում­նե­րուն ա­ռա­ջին փու­լը նա­խա­տե­սուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի ու­ղե­ւո­րուին դէ­պի Ար­ցախ։ Հուսկ, ծրա­գի­րը ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի դար­ձեալ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Սոյն հա­ւա­քին առ­թիւ Ե­րե­ւան մեկ­նած է նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­ն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016