ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
«Արեւելք» կայքէջ.-
Գերմանիայէն երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներ այցելեյին Երուսաղէմ, Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Ռէյնհարտ Մարքս Կարտինալը եւ Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Հանրիխ Պետֆորտ Սթորհմը։
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ, նաեւ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ մշակուած եղբայրական յարաբերութիւններուն։
Հարկ է նշել, որ գերմանացի այս երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները էքիւմենիք ուղեւորութեան մը ձեռնարկած են դէպի Սուրբ Երկիր եւ այս շրջագծով այցելած նաեւ՝ Հայոց Պատրիարքարան։