ԹՈՒՐՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծումներ կատարեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, թրքական ռազմաօդանաւերը Աւաշին-Պասեան շրջանէն ներս ազդու հարուածներ տուին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Շրջանէն հասած լրաքաղութեան վայրկենական տուեալի մը զուգահեռ՝ պահու տակ, անմիջապէս շարժման անցան զօրքերը, որոնք ոչնչացուցին ՓՔՔ-ի ապաստանարաններէն մին։
Բաց աստի, Հաքքեարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ ալ օդէն ռմբակոծուեցան ՓՔՔ-ի կարգ մը դիրքերը։
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծեցին նաեւ Սուրիայէ ներս Հալէպի հիւսիսի կարգ մը շրջանները։ Այսպէս, ոչնչացուեցան ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի 18 դիրքեր։ Այդ թիրախները ռմբակոծելէ վերջ ռազմաօդանաւերը երկիր վերադարձան անվտանգ ձեւով։