ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՓՈՒԹԱՑ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Հայս­տա­նի վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նին։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Նո­րին Սրբու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւն փու­թա­լուն հա­մար ու շեշ­տեց, որ մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ ե­կե­ղե­ցի-պե­տու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նո­րան­շա­նակ վար­չա­պե­տին ու նա­խա­րար­նե­րուն մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն՝ ի նպաստ երկ­րի բա­րե­կե­ցու­թեան, դժուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման, ձեռք­բե­րում­նե­րու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ամ­րագր­ման։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան շօ­շա­փուե­ցան շարք մը հար­ցեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին ե­կե­ղե­ցի-պե­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­գայ ամ­րապնդ­ման եւ այլ նիւ­թե­րու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016