ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Արցախի ճակատին վրայ երէկ դարձեալ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը շուրջ 15.50-ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ արձակուած կրակին թիրախը դարձաւ զինուոր Տիգրան Խաչատրեան (1998)։ Դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար պատկան մարմինները ձեռնարկեցին քննութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կը բաժնէ այս կորուստին ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ նահատակ զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Սա Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման յաջորդած մթնոլորտին մէջ արձանագրուած սահմանային հերթական բախումը կը հանդիսանայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017