«YOUTUBE»Ի ՎՐԱՅ ԿԱՐՊԻՍ ՃԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Նռան յոյսը» գեղարուեստական նախագիծի հեղինակ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով ընկերային ցանցերու վրայ հաստատուած է նոր պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի անմոռանալի բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի թողած աւանդին, մեծ ժառանգութեան վրայ։ Պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի գործերէն փունջ մը այս նախաձեռնութեան շնորհիւ հասանելի դարձած է ընկերային ցանցերու վրայ։ Մասնաւորապէս «YouTube»ի վրայ հասանելի է այս պատուհանը՝ «Իր տողերով կենսագրականը Կարպիս Ճանճիկեանի» մուտքագրումով։

Շնորհիւ այս նախաձեռնութեան, հայ գրականութեան համակիրները կրնան հաղորդ դառնալ Կարպիս Ճանճիկեանի կենսագրութեան՝ իր իսկ տողերով։ Արդարեւ, հետաքրքրական տեսահոլովակ մը պատրաստուած է՝ արտասանութիւններով ու նկարահանումներով։ Այսպէսով խորհրդանշական ամբողջ մը գոյացած է՝ Կարպիս Ճանճիկեանի կեանքին ու գործունէութեան վրայ լոյս սփռելու տեսակէտէ եւ հետաքրքրական է, որ այդ բոլորը Կարպիս Ճանճիկեանէ մէջբերուած տողերու շնորհիւ իրականացուած է։

Տեսահոլովակին մէջ բանաստեղծութիւնները արտասանուած են Եղիա Ագկիւնի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021