ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԵԼԻ ԱՐՁԱՆԸ

Գերմանացի քանդակագործ Վիլհելմ Քոխ արդէն իսկ աւարտած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արձանը, որ որոշ ժամանակով պիտի ցուցադրուի Պաւարիոյ Թեմփըլ թանգարանին դիմաց:

2.7 մեթր բարձրութեամբ արձանը կը ներկայացնէ Մերքելը՝ նստած ձիու վրայ: Քանդակագործը յայտնած է, որ այս արձանը յղացած է անկախ քաղաքական համոզումներէ պարզապէս զինք տպաւորած է վարչապետին ՄԱՐԴ տեսակը:

Ձիուն վրայ Մերքել պատկերուած է իր աւանդական տաբատով եւ բաճկոնով եւ իրեն բնորոշ մազի սանտրուածքով: Արձանը պատուանդան չունի, քանի որ, քանդակագործին համոզումով, Մերքել «շատ համեստ» անձնաւորութիւն է: Քոխ նաեւ Թեմփըլ թանգարանին տնօրէնն է. ան որոշած է որոշ ժամանակ մը ետք արձանը ծախու հանել՝ թանգարանին կոկիկ գումար մը ապահովելու համար:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021