ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ սկսաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, որ ձօնուած է 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակներուն։ «Հայաստանը եւ տարածքաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան եւ արեւելագիտութեան կաճառներու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Գիտաժողովի սկիզբին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ յղուած պատգամը ներկաներուն փոխանցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ։ Հրապարակուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած ուղերձը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատմաբանները ակնյայտ նմանութիւններու ակնարկեցին 100 տարի առաջ՝ 1920-1921 թուականներուն Հարաւային Կովկասէ ներս տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացներու եւ առկայ իրավիճակին միջեւ՝ մանաւանդ Արցախի երկրորդ պատերազմի յաջորդած պայմաններով։ 100 տարի առաջուան իրադարձութիւններուն զուգահեռական կամ նման համարուեցաւ՝ 2020 թուականի աշնան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ դադրեցուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած կացութեան միջեւ՝ մասնաւորապէս հայկական կողմի տեսանկիւնէն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021