ՀԱՆԱՊԱԶՕՐԵԱՅ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի՝ պատճառ դառնալով մտահոգութեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները շարունակ արձագանգ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն։ Երէկ օրուան ընթացքին նախարարութիւնը պարբերաբար հաղորդագրութիւններ հրապարակեց դէպքերու մասին։ Այս առաւօտ ալ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներով եւ ականանետերով կրակած են Հայաստանի դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմը այս դէպքերուն հետեւանքով կորուստ մը չէ ունեցած։ Երէկ գիշեր սահմանի արեւելեան ուղղութեան վրայ պատահած դէպքերուն ժամանակ Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումներն ալ փոխադարձ քայլերու ձեռնարկած են։ Հայկական զինեալ ուժերու քայլերէն վերջ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայունացած է։

Սահմանէն հասած այս լուրերու մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս փուլին տեղեկացուց, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայման աշխատանքին արդէն սկիզբ տուած է։ «Դուք գիտէք, որ համապատասխան պայմանաւորուածութիւն գոյացած էր Փրակի քառակողմանի հանդիպման ընթացքին։ Հաճոյքով պէտք է արձանագրեմ, որ Եւրոպական Միութեան գործընկերները շատ գործնական արձագանգած են եւ որոշում կայացուցած, նախապատրաստող խումբը արդէն Հայաստանի մէջ է, արդէն կ՚աշխատի, իսկ հիմնական խումբը՝ քառասուն հոգինոց դիտորդական առաքելութիւնը յառաջիկային պիտի ժամանէ Հայաստան», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ յիշեցնելով, որ ի սկզբանէ ծրագրուած է դիտորդական առաքելութեան համար երկամսեայ աշխատանք։

Հարկ է յիշեցնել նաեւ, որ ներկայիս օրակարգի վրայ է նաեւ սահմանի վրայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ եւս դիտորդական առաքելութեան մը տեղակայուիլը։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ այս շրջանին ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը պահէ Հարաւային Կովկասի՝ մանաւանդ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալը՝ Վետանթ Փաթել եւս անդրադարձաւ սահմանի վրայ Եւրոպական Միութեան կողմէ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման նիւթին։ «Մեր վերջնական նպատակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ լուծումն է», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Փաթել յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհ, նաեւ Հարաւային Կովկասի երկիրները՝ ներառեալ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, Ռուսաստան-Իրան դաշինքի խորացումը պէտք է դիտարկեն որպէս խորքային սպառնալիք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022