ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Պէյրութի մէջ վերջերս հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 67-րդ տարեդարձը։ Այս տարուան հիմնադրութեան օրը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Հայկազեան համալսարանը մեծարէ յայտնի գիտնական ու արուեստաբան տքթ. Արտա Արսէնեան-Էքմէքճին, որ հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ՝ հիւր զեկուցողի կարգավիճակով։ Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանն ալ օրուան մեծարեալին յանձնեց յուշանուէր մը։
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան օրուայ հանդիսութեան մասնակցեցան Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, ինչպէս նաեւ համալսարանի ղեկավարութիւնն ու ուսանողութիւնը։
Իր ելոյթին մէջ տքթ. Արտա Արսէնեան-Էքմէքճի մասնաւորապէս անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին պատերազմի տարիներուն ու վերյիշեց, թէ Հայկազեան համալսարանը այդ դժուարին շրջանին ինչպիսի յանձնառութիւններով հանդէս եկած էր։