ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Այս երեք երկիրներու նախագահները Սոչիի մէջ կ՚իրականացնեն գագաթաժողով մը՝ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Գագաթաժողովին ընդառաջ Անթալիայի մէջ նախարարները ունեցան նախապատրաստական բնոյթով խորհրդակցութիւն մը։ Ռուսական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է առանցքային բոլոր հարցերուն շուրջ։ Սերկէյ Լաւրովի խօսքերով՝ Անթալիայի մէջ ծաւալուած աշխատանքը եղած է շատ օգտակար։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Լաւրով մատնանշեց, որ Աստանայի գործընթացը պէտք է ստեղծէ առաւելագոյն բարենպաստ պայմաններ։ Նախարարները կանգ առին՝ Սուրիայէ ներս նախատեսուած բախումներէ զերծ գօտիներու աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն վրայ։ «Մեր առաջարկները պիտի զեկուցենք պետութիւններու ղեկավարներուն, անոնք որոշումներ պիտի առնեն ներկայացուելիք բոլոր առաջարկներով։ Մենք քննարկած են բոլոր հարցերը։ Ես չեմ կրնար խորամուխ ըլլալ մանրամասնութիւններու մէջ», ըսաւ Լաւրով։

Հարկ է նշել, որ Սոչիի գագաթաժողովէն առաջ այս երեք երկիրներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներն ալ կ՚իրականացնեն ժողով մը։

Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ անդրադարձաւ Անթալիայի ժողովին։ Ըստ իրեն, քննարկումներու ընթացքին շօշափուած է Իտլիպի մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու հարցը։ Անդրադարձ կատարուած է այդ շրջանէն ներս դէտերու տեղակայման խնդրին։ Ռուսաստանի եւ Իրանի զօրքերու առընթեր, Թուրքիոյ այդ տարածքներէն ներս անմիջապէս զօրք տեղակայելու նիւթը քննարկուած է ամփոփ գիծերու մէջ։

Պատասխանելով «Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան գոնկրէսի» վերաբերեալ հարցումներուն ու մանաւանդ ՓԵՏ-ի ներգրաւման նիւթին՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Բնականաբար ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի պարագային մեր առկայ վերապահութիւնները ակնյայտ են։ Անոնց որեւէ ժողովի մասնակցութիւնը անընդունելի է մեզի համար ու մենք այս բանը կը բացատրենք մեր բոլոր երկխօսներուն։ Մեր այս զգայնութիւնները կը շարունակուին»։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս հարցի պարագային Սերկէյ Լաւրով Անթալիայի մէջ յստակ դիրքորոշում մը չէ արտայայտած։   

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017