ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Ռուս նախարարը կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, կ՚ընդունուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Այսօր յետմիջօրէին Լաւրով Երեւանի մէջ կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդ։ Վաղը Սերկէյ Լաւրով եւ Եդուարդ Նալպանտեան կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց հիման վրայ հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով։

Այցելութեան ընթացքին կը նշուի նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս կը բացուի պատմական լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը՝ «Հայաստան-Ռուսաստան. դարերով ստուգուած բարեկամութիւն» խորագրին ներքեւ։

Երեւանի հետ նոյնաժամանակ Սերկէյ Լաւրով կ՚այցելէ նաեւ Պաքու, ուր եւս կը նշուի Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը։

Լաւրովի այս ուղեւորութիւններու շարժառիթը թէեւ յոբելեաններու հետ պայմանաւորուած է, սակայն իր ուղեւորութեան բուն նշանակութիւնը առընչուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին հետ։ Մօտաւոր անցեալին Ժընեւի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ունեցած էին հանդիպում մը, որուն ի շարունակութիւն տեսակցութիւն մը կը կազմակերպուի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ։ Նախարարներու այդ հանդիպումը Դեկտեմբերին նախատեսուած է։ Ուստի, Լաւրով յառաջիկայ ամիս նախատեսուած հանդիպումէն առաջ պիտի տեսակցի իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն հետ։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են, որ ռուս նախարարը Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Սերկէյ Լաւրովի շփումներու լոյսին տակ կրնան յստականալ Դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ նախատեսուած Նալպանտեան-Մամետեարով տեսակցութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Հայ եւ ազէրի նախարարները պիտի տեսակցին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հաւաքի ծիրին մէջ։ Սոյն հանդիպման ընդառաջ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը՝ Աւստրիան ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը կեանքի կոչեն աւելի առաջ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւնները։ ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը վերջերս տեղեկացուց, որ ուշադրութեամբ հետեւած է Ժընեւի մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած նախագահներու հանդիպման։

Լաւրովի Երեւան ժամանման ընդառաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Սերկէյ Լաւրով առանձին չի գործեր, այլ եռանախագահներու ձեւաչափին մէջ կը գործէ։ Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ կայ որոշ աշխուժութիւն։ Շաւարշ Քոչարեանի խօսքերով՝ բանակցային գործընթացէն ներս յառաջընթացի համար պէտք է վստահութիւն ըլլայ կողմերու միջեւ, իսկ սա կ՚ենթադրէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումը։

Փոխ-նախարարի խօսքերով՝ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չկայ եւ իրավիճակը որոշ առումով պայթիւնավտանգ է։ Համանախագահները չեն կրնար մտահոգ չըլլալ։ Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ Լաւրով նոր առաջարկներ չի բերեր հիմնախնդրի կարգաւորման առընչութեամբ։ Արդարեւ, ռուսական կողմը չունի առանձին առաջարկներ ու կը գործէ համանախագահներու ընդհանուր ձեւաչափին մէջ։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017