ՄԵԾ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ

Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը ուժանիւթի բնագաւառէ ներս մեծ ձեռքբերումներու առիթ կը հանդիսանայ։ Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան մեծագոյն ծրագրերէն «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագիրը հետզհետէ կը մօտենայ իր աւարտին։ Մինչ այս խողովակաշարի յառաջիկայ տարի արդէն օգտագործումը կը նախատեսուի, «Թրքական հոսք»ի ծովու յատակի բաժնի շինարարական աշխատանքները հասան իրենց աւարտին։ Այս կապակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեծ արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, տեղի ունեցաւ այս հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցելու առընթեր, երկու նախագահները առանձնազրոյց մըն ալ ունեցան Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս, «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ։

Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնի պատմական արարողութեան ընթացքին Էրտողան եւ Փութին, ինչպէս նաեւ հանդիսութեան բոլոր հրաւիրեալները մեծադիր պաստառի միջոցաւ հետեւեցան խողովակաշարի ծովու յատակէ անցնող բաժնի վերջին խողովակի տեղադրման։ Փութին Իսթանպուլ եկած էր՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Արտաքին քաղաքականութեան գծով իր աւագ խորհրդական Եուրի Ուշաքովի, իր բանբերի՝ Տիմիթրի Փեսքովի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ուղեկցութեամբ։

Հանդիսութեան ընթացքին երկու նախագահները հանդէս եկան ելոյթներով։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ իր ռուս պաշտօնակիցը՝ Փութին երէկուան հանդիսութեան ընթացքին միասնաբար կարեւոր պատգամներ փոխանցեցին միջազգային հանրութեան։ Արդարեւ, Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան արդիւնքները ուժանիւթի բնագաւառէն ներս ներկայիս կը պայմանաւորեն ամբողջ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները։

Էրտողան երէկուան արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Թրքական հոսք» ծրագիրը կեանքի կոչելու համար Թուրքիա մեծ վաստակ կը ներդնէ իր ռուս բարեկամներուն հետ։ Սա թէ՛ թուրք-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ ամբողջ տարածքաշրջանի ուժանիւթի աշխարհաքաղաքականութեան տեսակէտէ պատմական բնոյթով ծրագիր մըն է։ Էրտողան շեշտեց, որ «Թրքական հոսք»ը մեծ առաւելութիւններ պիտի ապահովէ թէ՛ հարեւան երկիրներուն եւ թէ բնապահպանութեան տեսակէտէ։ Այս խողովակաշարին շնորհիւ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ուժանիւթի բնագաւառէ ներս նշաձողը կը բարձրացնեն։ Բաց աստի, Էրտողան ընդգծեց, որ Ռուսաստան վստահելի բարեկամ մը եւ բնական կազի կարեւոր մատակարար մըն է։ Նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան առեւտուրի ծաւալը արդէն 30 տոկոս բարձրացած է։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ Իսթանպուլի մէջ նշեց, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան որդեգրած են իրենց առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու։ Փութին նշեց նաեւ, որ այս ծրագիրը բնապահպանութեան տեսակէտէ ունի շատ դրական բնոյթ եւ ամենազարգացած փորձագիտական եղանակներով կառուցուած է։ Ռուս ղեկավարի խօսքով՝ ներկայիս միջազգային գետնի վրայ մրցակցութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ եւ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ նման ծրագիր մը կեանքի կոչել կարելի չէր՝ եթէ չըլլար քաղաքական կամք եւ համարձակութիւն։ Փութին Իսթանպուլի ելոյթին ընթացքին շեշտեց նաեւ, որ Ռուսաստան եւ Թուրքիա ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը երկար տարիներէ ի վեր յառաջ կը տանին շատ յաջող ձեւով։ Փութինն ալ հաստատեց, որ շնորհիւ «Թրքական հոսք»ի Թուրքիա պիտի վերածուի շատ կարեւոր բնական կազի կեդրոնի մը, ինչ որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան դիրքին վրայ ալ պիտի ունենայ դրական անդրադարձ մը։ Ռուս ղեկավարը ընդգծեց նաեւ, որ նման մեծ ծրագիր մը կեանքի կոչել կարելի պիտի չըլլար՝ եթէ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած չըլլար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018