ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտին արցախահայութեան տեսակէտէ մարդկային ծանր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Թէեւ կը հաղորդուի, որ Ստեփանակերտի մէջ կը վերականգնուի խաղաղ կեանքը, սակայն բազում հարցականներ կը մնան օրակարգի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Ստեփականերտ վերադարձաւ 1235 հոգի, որ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ապաստանած էր Հայաստան։ Մարդիկ օթօպիւսներով կը վերադառնան Արցախ։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ապագայ կը սպասէ անոնց։

Մանուկներու հայեացքը պարզ կը ցոլացնէ, թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթան անոնք…

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020