ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի տագնապալի կացութիւնը կը շարունակուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ արձանագրուած ձախողումին հետեւանքով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները կը ջանան ձեւով մը վերականգնել որոշ հաւասարակշռութիւններ, սակայն առայժմ յայտնի չէ, թէ այդ բոլորը ո՛ւր կրնան հասնիլ։ Ընդդիմադիր ուժերը յամառօրէն կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը։

Առկայ ցնցումներու մթնոլորտին մէջ երէկուան օրը բնորոշուեցաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար, Հայաստանի նախկին ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մովսէս Յակոբեանի աղմկայարոյց մամլոյ ասուլիսով։ Ան իր յայտարարութիւններով իսկապէս զգայացունց պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ։ Մինչ Մովսէս Յակոբեան բազմաթիւ հիմնաւորումներով եւ պատերազմի օրերու վերաբերեալ բացայայտումներով պարտութեան համար մեղադրեց Նիկոլ Փաշինեանը, Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներն ալ մտացածին որակեցին այդ մեղադրանքները։ «Սա դաւաճանութիւն չէ, անգրագիտութիւն է եւ պատերազմի արուեստին, ղեկավարման համակարգին չտիրապետելն է», ըսաւ Մովսէս Յակոբեան, որ երէկուան մամլոյ ասուլիսէն վերջ պատկան մարմիններուն կողմէ հրաւիրուեցաւ հարցաքննութեան։ Հարկ է նշել, որ Մովսէս Յակոբեան մինչեւ քանի մը օր առաջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան գլուխը կը գտնուէր եւ արդէն հրաժարեցաւ այդ պաշտօնէն։

Երկրի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն «Լուսաւոր Հայաստան»ի ղեկավար Էտմոն Մարուքեանն ալ արձագանգեց Մովսէս Յակոբեանի յայտարարութիւններուն։ Ըստ իրեն, Յակոբեանի կողմէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կատարուած բացայայտումներէն վերջ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը որեւէ հիմնաւորումով չի կրնար իշխանութեան գլուխը մնալ ու շարունակել պաշտօնավարել։

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէններէն Արթուր Վանեցեանն ալ, որ ներկայիս ընդդիմադիր «Հայրենիք» կուսակցութիւնը կը գլխաւորէ, երէկ նոյնպէս հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղարներէն Վիթալի Բալասանեան պատերազմի օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցելով խոստացած էր պաշտպանել Շուշին։ Անոնց միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, բայց մինչեւ վերջին օրը իրեն թոյլ չէ տրուած ընել այդ բանը։ «Ինչո՞ւ», հարց տուաւ Վանեցեան։ Հարկ է յիշեցնել, որ Վիթալի Բալասանեան ունի Արցախի հերոսի կոչում։ Բաց աստի, Արթուր Վանեցեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ներկայիս պատանդի կարգավիճակի մէջ կը պահէ իր գլխաւորած քաղաքական ուժի՝ «Իմ քայլը»ի խորհրդարանական խմբակցութիւնը եւ երկրի իրաւապահ համակարգը, որպէսզի անոնք պաշտպանեն իր իշխանութիւնը։ Ըստ Վանեցեանի, «Իմ քայլը»ի երեսփոխաններ իր հետ կապ կը հաստատեն ու կը յայտնեն, որ Փաշինեան կը սպառնայ իրենց ու կ՚ըսէ՝ որ ով իր դէմ խօսի, դաւաճան է։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ ներքին քաղաքական պայքարը սուր դրսեւորումներ կ՚ունենայ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Երէկ խորհրդարանը գումարեց արտահերթ նիստ մը։ Նոյեմբերի 26-ին ալ նախատեսուած է դարձեալ արտահերթ ժողով մը։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը յամառ ջանքեր կը գործադրէ՝ օրակարգի վրայ բերելու համար երկրէն ներս ռազմական դրութիւնը դադրեցնելու հարցը։

Երեւանի փողոցներուն մէջ ալ բողոքի շարժումներն ու ցոյցերը կը շարունակուին։ Ընդդիմութեան կողմնակիցները քաղաքացիական անհնազանդութեան անցած են՝ Փաշինեանի հրաժարականին հասնելու նպատակով։ Իրաւապահ մարմինները կը միջամտեն ճանապարհները երթեւեկութեան փակելու եւ նման այլ դէպքերու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020