ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այս առաւօտ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութեան հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանէ ներս կ՚ապրուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականներու տարափ մը։ Այս շարքը այժմ համալրուած է Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեանին կը յաջորդէ Վաղարշակ Յարութիւնեան, որ անցեալի մէջ ալ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն վարած էր, իսկ վերջին շրջանին ան կը պաշտօնավարէր որպէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աւագ խորհրդականը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020