TOM&JERRY-ԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Կը նախատեսուի, որ 2021 թուականը աւելի լաւ տարի մը պիտի ըլլայ, քան 2020 թուականը՝ յատկապէս Tom and Jerry յայտնի երգիծանկարի սիրահարներու համար։ Վերջին օրերուն համացանցի մէջ լայն արձագանգ ստեղծեց յաջորդ տարուայ մարտի 5-ին թողարկուելիք շարժանկարի ծանօթացման տեսահոլովակը։ Թէեւ որոշ մարդիկ պարզապէս ուրախ են, որովհետեւ կրկին պիտի տեսնեն այդ յայտնի կերպարները, սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը կասկածին, թէ նշեալ շարժանկարը պիտի ըլլայ սովորական ու պարզ։ 

Թոմը եւ Ճերին այս անգամ իրարու դէմ կը պայքարին Նիւ Եորքի շքեղ պանդոկներէն մէկուն մէջ։ Հիւրանոցի աշխատակիցը՝ Քայլաի, որ կը մարմնաւորէ Քլոի Կրէյս Մորեց, կը փափաքի դուրս բերել Ճերին, ուստի Թոմ կը ժամանէ այդ պարտականութիւնը ստանձնելու եւ աւարտին հասցնելու՝ աւանդական ձեւով։ 

Շարժանկարի ոլորտը շատ լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացի 2020 թուականին՝ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այս առումով իսկապէս մեծ գործ կը համարուի, թէ Tom&Jerry-ն պիտի ցուցադրուի շարժանկարի սրահներու մէջ։ Մարդիկ յոյս ունին, թէ կարելի կ՚ըլլայ շարժանկարը դիտել լայն սրահներու մէջ, փոխանակ տունը նստելու եւ ծուլութիւն ընելու։ 

Յուսանք, թէ շարժանկարին չվիճակի Թոմի բախտը եւ չյետաձգուի…

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020