ԱՊՐԻԼԻՆ ԱՅԼԵՒՍ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութիւնը աւարտած պիտի ըլլան ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղեալ աշխատանքները։

Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնախումբը երէկ քննարկումներ ծաւալեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան 2022 թուականի պիւտճէի նախագծին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս նախարարութեան հովանիին ներքեւ կը գործէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որուն կապուած են նաեւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆները։ Երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։

Պատգամաւորին ի պատասխան՝ նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ ըսաւ հետեւեալը. «Անցեալ տարի ժամանակաւոր լուծում մը գտնուած էր եւ մշտական կանոնադրութեան մը համար տարուան մը ժամկէտ պահանջուած էր։ Այդ ժամկէտի սահմաններէն ներս, մինչեւ ապրիլի վերջը այս կանոնադրութեան վերաբերեալ մեր պատրաստութիւնները պիտի աւարտենք։ Ներքին գործոց նախարարութեան հետ, վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքներու պատասխանատուներու հետ տեսակցութիւններ ալ սկսած են։ Եթէ դուք հարցնէք, անոնք ալ կրնան վերահաստատել ձեզի համար։ Մինչեւ ապրիլի վերջը պիտի հրապարակենք այս կանոնադրութիւնը»։

Ընդդիմադիր երեսփոխան Կարօ Փայլանի գրասենեակը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու նկատառման մասնաւորապէս յանձնած է այս մասին։ Հարկ է յիշեցնել, որ պետական աւագանին զանազան մակարդակներու վրայ նախապէս երաշխիք տուած էր այս խնդրի լուծման համար, սակայն երբեք յստակ ժամկէտ մը չէր նշուած։ Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի յայտարարութիւնը աննախընթաց է այն առումով, որ առաջին անգամ առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ յստակ ժամկէտ մը նշուած է։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021