FBI-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն FBI-ի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Հիւր պատուիրակութիւնը Անգարայէ ներս այցելեց Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը։ Տեղական մամուլը կը շեշտէ, որ շուրջ երկու տարուայ պարբերութենէ վերջ առաջին անգամ FBI-ի պատուիրակութիւնը կ՚այցելէ Թուրքիա։  Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս ծաւալուած քննարկումներուն մասնակցած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, թմրանիւթերու դէմ պայքարի, մաքսանենգութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ լրաքաղութեան բաժանմունքներու պաշտօնատարները։

Կը հաղորդուի, որ թրքական կողմը FBI-ի պատուիրակութեան ներկայացուցած է ծաւալուն թղթածրարներ, որոնք պատրաստուած են՝ մանաւանդ ՖԵԹԷՕ-ի, ՓՔՔ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021