ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Գեր­մա­նիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին ա­տեա­նը մեր­ժեց Պուն­տես­տա­կի կող­մէ ան­ցեալ Յու­նի­սին ըն­դու­նուած «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ»ին դէմ բո­ղոք­նե­րը։ Ըստ Պեր­լի­նէ հա­սած լու­րե­րուն, Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն դա­տա­կան ա­տեա­նին մօտ առ­նուազն ութ բո­ղոք­ներ ներ­կա­յացուած էին այս հար­ցին շուրջ։ AP գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, դա­տա­ւոր­նե­րը ընդգ­ծած են, որ բո­ղո­քող­նե­րը չեն կրցած հա­մո­զիչ փաս­տեր ներ­կա­յաց­նել, թէ յի­շեալ բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րաց­ման հե­տե­ւան­քով ի­րենց տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը խախ­տուած են, ար­դա­րեւ նման խախ­տում մը ակ­նե­րեւ չէ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, շուրջ հինգ տա­րի ա­ռաջ Ֆրան­սա­յի մէջ ըն­դու­նուած հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւը մեր­ժուած էր երկ­րի Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ, հե­տե­ւա­բար Գեր­մա­նիոյ պա­րա­գա­յին ալ կը սպա­սուէր Բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նի ո­րոշ­ման։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016