Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐ
Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմին մէջ պաշտօնի կոչուեցան երկու հայ նախարարներ։ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուեցան Աւետիս Կիտանեան եւ Ժան Օղասաբեան։ Հարկ է նշել, որ Ժան Օղասաբեան կը համարուի Հարիրիի անմիջական գործակիցներէն մին, իսկ Աւետիս Կիտանեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ։
Սաատ Հարիրի կառավարութեան ձեւաւորուելէն անմիջապէս վերջ յայտարարեց, որ ներկայ Նախարարաց խորհուրդը կարճ կեանք մը պիտի ունենայ, որովհետեւ իրենց համար ներկայիս առաջնահերթութիւն դարձած է նոր ընտրական օրէնսգիրքի մը մշակումն ու վաւերացումը։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016