ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ Հասան Ռուհանի Երեւանի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։ Նախագահական ապարանքէն ներս Հայաստան-Իրան բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն զուգահեռ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կը ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց նպատակն է խորացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս։ Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի բանակցութիւններու արդիւնքներուն շուրջ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Անոնք Երեւանի մէջ ներկայ կը գտնուին նաեւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողովին։
Հարկ է նշել, որ Հասան Ռուհանիի այս այցելութիւնը միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէր օրակարգը։ Սա տեղի կ՚ունենայ որոշ յապաղումով մը, ինչ որ նոյնիսկ զանազան մեկնաբանութիւններու պատճառ դարձած է։ Վերջին շրջաններուն շրջանառութեան մէջ կը գտնուին լուրեր, ըստ որոնց Իրան կը ձգտի զարգացնել իր համագործակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ։ Սա կրնան նոր հեռանկարներ ուրուագծել Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան տեսակէտէ։
Միւս կողմէ, սակայն կան նաեւ այլ շարք մը հակասական հանգամանքներ։ Արդարեւ, երկար ժամանակէ ի վեր զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը մատնանշեն, որ Հայաստան եւ Իրան մասնաւորապէս ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կրնան շատ աւելի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը ծաւալել, սակայն Ռուսաստան վերապահութիւններ կը դրսեւորէ այս ուղղութեամբ։ Վստահաբար, Հասան Ռուհանիի վաղը Երեւան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ այս բոլոր հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։