ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ-ՀԱԺԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տե­ղե­կաց­նենք, որ մեր Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­կից՝ «Ազ­դակ»ի է­ջե­րուն մէջ սննդա­գի­տա­կան-ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թե­րով բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ Քար­լա Եար­տը­մեան-Հաժ ստա­ցած է սննդա­գի­տու­թեան տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճան՝ Անգ­լիոյ Օքս­ֆորտ Պրուքս հա­մալ­սա­րա­նէն: Քար­լա իր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ հե­տա­զօ­տած է սնուն­դի ա­նա­պա­հո­վու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի դպրո­ցա­կան ե­րա­խա­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»): Քար­լան ու­սում­նա­սի­րած է կեն­ցա­ղա­յին տար­բեր գոր­ծօն­ներ, ո­րոնք կրնան ա­ռաջ­նոր­դել տան ան­դամ­նե­րու, ի մաս­նա­ւո­րի ե­րա­խա­նե­րու սնուն­դի ա­նա­պա­հո­վու­թեան: Ա­ւե­լի՛ն. ան ու­սում­նա­սի­րած է ու­տե­լի­քի սխալ ընտ­րու­թեան բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­րա­խա­նե­րուն բա­րե­կե­ցու­թեան կամ ա­ռող­ջու­թեան վրայ, ըլ­լայ ան չա­փա­զանց սննդա­ռու­թեան կամ սնուն­դի պա­կա­սի պա­րա­գա­յին:

Հե­տա­զօ­տու­թեան մաս­նակ­ցած են ա­ւե­լի քան 3 հա­զար ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք ու­նին դպրո­ցա­կան ե­րա­խա­ներ, անձ­նա­կան թէ պե­տա­կան դպրոց­նե­րու մէջ, Լի­բա­նա­նի տար­բեր վար­չա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան շրջան­նե­րու մէջ տա­րա­ծուած: Քար­լա­յին տոք­թո­րա­կա­նը մշա­կած է նաեւ կրթու­թեան նո­րօ­րի­նակ ու հա­մա­պար­փակ դե­րը՝ չա­փա­ւո­րե­լու հա­մար ու­տե­լի­քի ա­նա­պա­հո­վու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը ե­րա­խա­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան վրայ եւ նպաս­տե­լու ու խթա­նե­լու ա­նոր զար­գա­ցումն ու բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը:

Կը շնոր­հա­ւո­րենք Քար­լա Եար­տը­մեան-Հա­ժի ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ իր ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016