ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՊԱՊԻՆ 80-ԱՄԵԱԿԸ

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ մարդ­կա­յին վեհ սկզբունք­նե­րուն դրսե­ւո­րու­մը ե­ղող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, ան իր 80-ա­մեա­կը նշած է ութ ան­տուն­նե­րու հետ՝ զա­նոնք ըն­դու­նե­լով Վա­տի­կա­նի Սրբու­հի Մար­թա­յի տան մէջ, ուր Պա­պը կը բնա­կի:

Վա­տի­կա­նի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեա­կէն փո­խան­ցո­ւած է, որ հրա­ւի­րեալ­նե­րուն չոր­սը ի­տա­լա­ցի է, եր­կու­քը` ռու­մա­նա­ցի, մէ­կը՝ մոլ­տո­վա­ցի, իսկ միւ­սը՝ փե­րու­ցի: Պա­պը սո­վո­րա­բար ա­նոնց կը հան­դի­պէր Ս. Պետ­րո­սի հրա­պա­րա­կին վրայ:

Պա­պին 80-ա­մեա­կի հիւ­րե­րը ա­նոր իբ­րեւ նո­ւէր բե­րած էին ա­րե­ւա­ծա­ղիկ:

Մինչ այդ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն մեծ թի­ւով շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ ուղ­ղո­ւե­ցան Սրբա­զան Պա­պին, ինչ­պէս նաեւ ան ստա­ցաւ բազ­մա­թիւ ծա­ղիկ­ներ:

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Միւս կող­մէ, Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը Դեկ­տեմ­բե­րի 17-ին կը նշէ իր ծննդեան 80-ա­մեա­կը: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­ներ շնոր­հա­ւո­րած են կա­թո­լիկ աշ­խար­հի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը յո­բե­լեա­նի առ­թիւ:

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան նոյն­պէս շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ մը յղած է Նո­րին Սրբու­թիւն Հռո­մի Պա­պին՝ ծննդեան 80-ա­մեա­կին ա­ռի­թով` մաղ­թե­լով ա­նոր քա­ջա­ռող­ջու­թիւն, ա­մե­նայն բա­րիք եւ մե­ծա­գոյն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղուած ա­նոր վճռա­կան ջան­քե­րուն հա­մար: Սերժ Սարգ­սեան գրած է հե­տե­ւեա­լը.

«Դուք կը վա­յե­լէք հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ խո­րին յար­գանք, մեծ հա­մակ­րանք եւ բարձր հե­ղի­նա­կու­թիւն, զոր ա­ռիթ ու­նե­ցանք զգա­լու 2016 թուա­կա­նի Յու­նի­սին Հա­յաս­տան կա­տա­րած Ձեր այ­ցի ժա­մա­նակ:

«Ջեր­մու­թեամբ լի Ձեր այ­ցը Հա­յաս­տա­նի եւ Սուրբ Ա­թո­ռի մի­ջեւ միջ­պե­տա­կան եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւնն է եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան կա­րե­ւոր պատ­գամ այ­սօ­րուան հա­կա­մար­տող աշ­խար­հին»:

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի նախ­կին ար­քե­պիս­կո­պոս Խոր­խէ Մա­րիօ Պեր­կո­լիոն Հռո­մի 266-րդ պապ դար­ձած է 2013 թուա­կա­նի Մար­տին: Ան յայտ­նի է հա­յե­րու նկատ­մամբ ու­նե­ցած դրա­կան դիր­քո­րոշ­մամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016