ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ նոր բան մը չկայ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով նախընթաց օր Պաքուի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ առաջ քշած էր ուշագրաւ պնդումներ։ Ան յայտնած էր, որ առաջին անգամ ինք եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ղարաբաղեան հարցին շուրջ հասած են փոխադարձ ըմբռնման։ Պաքուէն հնչած այս վերջին պնդումներուն Երեւան կը պատասխանէ հաւասարակշռուած ու չափաւոր շեշտադրումներով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին։ Ան այս ամբողջին մէջ ակնարկեց նաեւ Էլմար Մամետեարովի վերջին յայտարարութեան։ Ըստ Փաշինեանի, Միլանոյի մէջ համանախագահներու հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութեան մը վրայ համաձայնեցան։ Եւ ըսուեցաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չէր ըլլար համաձայնութեան հասնիլ այդպիսի յայտարարութեան մը շուրջ։ «Ղարաբաղի հարցին մէջ նոր բան մը չկայ։ Եւ աշխուժութիւնը այնքան է, որքան դուք կը տեսնէք», յայտնեց երէկ Նիկոլ Փաշինեան։

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ Կասպրչիկ պարբերաբար կ՚այցելէ տարածքաշրջան, իսկ իր այցելութիւնները կը կրեն խիստ աշխատանքային բնոյթ։ «Ընդհանրապէս եղած են դէպքեր, որ չեն լուսաբանուած իր այցելութիւնները, բայց ես աշխատակազմին յանձնարարած եմ, որ բոլոր շփումները պարտադիր լուսաբանուին, որովհետեւ գործընթացը պէտք է ըլլայ թափանցիկ», աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը նկատեց, որ երբ Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ մեկնաբանութիւն կը հնչէ եւ այդ մէկը իր մէջ որոշ լարուածութեան տարր կը պարունակէ, իրեն անհանգստութիւն կը պատճառէ Հայաստանի շարք մը մեկնաբաններուն կողմէ դրսեւորուած մօտեցումը։ Արդարեւ, անոնց առաջին կանխավարկածը այն կ՚ըլլայ, որ այդտեղ դաւադրութիւն մը գոյութիւն ունի։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց Էլմար Մամետեարովի վերջին յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ փոխըմբռնման մը հաստատուած ըլլալուն շուրջ։ Նախարարութեան բանբերը՝ Աննա Նաղդալեան այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը.

«Մասնաւորապէս Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպման յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ երկու նախարարները պայմանաւորուած են յառաջիկային շարունակել հանդիպումները՝ պահպանելով ձեւաւորուած թափը»։

Ըստ բանբերի մատնանշումներուն, այլ համաձայնութիւն մըն ալ գոյացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հետ համատեղ յայտարարութեան շուրջ։ Նման ձեւաչափով յայտարարութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր չէին կատարուած, որովհետեւ անոնց բովանդակութեան շուրջ կողմերու միջեւ համաձայնութիւն չէր գոյանար։ «Միլանոյի մէջ հնարաւոր դարձաւ համաձայնութիւն ապահովել յայտարարութեան թեքստին շուրջ», ըսաւ Աննա Նաղդալեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018