Երկուշաբթի 10, Մարտ 2025
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԵՒՍ 10 ԳԵՐԻ
Ատրպէյճան երէկ եւս 10 ռազմագերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այս անգամ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ապահովուեցաւ այս արդիւնքը, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի առընթեր, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնն ալ ողջունեց այս քայլը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021